Նոյ. Դեկտ. 2007
Թիւ 52
Զգացումներս Գոհաբանութեան
Օրուան առթիւ
Ես շատ ուրախ եմ եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որովհետեւ մենք շատ լաւ կեանք ունինք։ Այս օրերու երեխաներուն մեծ մասը տեսակաւոր խաղալիքներ եւ համով ուտելիքներ ունին, բայց նաեւ կան երեխաներ, որ անօթի են եւ տուն չունին։
Նոյեմբեր 22¬ին պիտի տօնենք Գոհաբանութեան Օրը։ Այդ օր ամէն ընտանիք սեղանի մը շուրջ կը հաւաքուին եւ փառք կու տան Աստուծոյ։ Նաեւ մարդիկ կան, որ աղքատներուն համեղ ճաշեր կու տան այդ օրը։ Գոհաբանութեան Օրը կը տօնենք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Աստուած ամէն մէկուս տարբեր շնորհք տուած է։ Ան նաեւ կ՝ուզէ, որ մենք բարի ըլլանք եւ հոգ տանինք իրարու եւ սիրենք զիրար։
Ես կ՚ուզէի, որ աշխարհը հիանալի ըլլար, առանց սովի, առանց յանցագործութեան, առանց պատերազմի եւ ցաւի աշխարհ մը ունենայինք։
Կը փափաքիմ, որ ամէն երեխայ ուրախ եւ երջանիկ մանկութիւն ունենայ։ Ամէն մարդ արժանի է, որ իր կեանքին մէջ յաջողութիւն ունենայ։ Ամենէն շատ կ՚ուզէի, որ Հայաստանը զարգանայ եւ ունենանք Միացեալ եւ Ազատ ամբողջական Հայրենիք։
Աննա Լատեան
8րդ. Դասարան
Գոհաբանութեան Օրը կը մօտենայ, այս մասին երբ մտածեմ, կը նկատեմ, թէ ես որքան բախտաւոր եմ, երբ ինքզինքս կը բաղդատեմ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող դժբախտ երեխաներու։ Կը տեսնեմ հեռատեսիլի վրայ, թէ որքան կը չարչարուին չունեւոր պզտիկները։ Շատ կը մեղքնամ անոնց։ Ես հոս Ամերիկայի մէջ ամէն բան ունիմ՝ բարի ծնողք, համեղ ուտելիքներ, տուն, դպրոց եւ ճոխ կեանք։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ այս բոլոր ունեցածներուս համար։
Ամէն տարի երբ Գոհաբանութեան Օրը կու գայ, ընտանիքով կը հաւաքուինք մէկ տեղ եւ կ՚աղօթենք Աստուծոյ, որ մեզի այսպիսի լաւ կեանք տուած է։ Բոլոր զարմիկներս եւ ազգականներս սեղանի շուրջ կը հաւաքուինք եւ համով ընթրիք կ՚ունենանք։
Ես միշտ կը փորձեմ օգնել բոլոր չունեւորներուն։ Մեծ հաճոյք կը զգամ այս ընելով։ Շատ կը սիրեմ Գոհաբանութեան Օրը եւ կը փափաքիմ շատ աւելի Գոհաբանութեան Օրեր տեսնել։
Գէորգ Պէքարեան
8րդ. Դասարան
Ես շատ ուրախ եմ, որ Ամերիկայի մէջ կ՚ապրիմ։ Հոս ամէն ինչ շատ դիւրին է։ Ուրախ եմ, որ հայկական վարժարան կը յաճախեմ։ Բայց երբ կը մտածեմ ուրիշներու մասին, շատ կը յուզուիմ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը այսպէս չէ։ Հայաստանի մէջ շատ դժուար է կեանքը։ Ամէն բան չես կրնար ուզած վայրկեանիդ ունենալ։ Ափրիկէի մէջ շատ աւելի վատ է։ Հազիւ ուտելու ճաշ ունին։ Ես շատ կը մեղքնամ անոնց։
Գոհաբանութեան Օրը մենք հօրեղբօրս տունը կը հաւաքուինք եւ կը տօնենք։ Իմ Քեռկինս կը պատրաստէ շատ մեծ եւ համով հնդկահաւ մը։ Շատ հաճելի ժամանակ մը կ՚անցընենք զարմիկներով։ Ուտելէն վերջ կը խաղանք, կը խօսինք, կը խնդանք եւ շատ կատակներ կ՚ընենք։ Բաւական ուշ տուն կու գանք եւ ուրախ կ՚ըլլանք, որ յաջորդ օրը դպրոց չունինք, հանգիստ կ՚ընենք։
Հիմա կը հասկնամ, որ ես որքան բախտաւոր եմ։ Ունիմ ծնողք մը, որ կրնայ մեզի հոգալ։ Կ՚ուզեմ, որ ամբողջ աշխարհի երեխաները մեզի պէս լաւ կեանք ունենան։ Թող միշտ երջանիկ եւ ուրախ ըլլան։
Միշէլ Կույումջեան
8րդ. Դասարան
Ես շատ ուրախ եմ, որ լաւ եւ ինծի հասկցող ընտանիք ունիմ։ Իմ ծնողներս միշտ զիս կը պաշտպանեն եւ ես գեղեցիկ տունի մէջ կ՚ապրիմ։ Ուրիշ երկիրներու մէջ՝ օրինակ Ափրիկէի մէջ մարդիկ կան, որ տուն չունին, ոչ ալ ուտելիք։ Պզտիկներ կան,