ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ
ԽՕՍՔԸ
Աստուծոյ
անհուն
ողորմութեամբ,
անթիւ,
անհամար
օրէնքներով
եւ
հրեղէն
սուրերով
պահպանուած
դրախտային
երկիր
մը
կ՚ապրիք,
ուր
չի
պակսիր
ձեզի
ո՛չ
մէկ
հնարաւորութիւն,
որ
աւելի
արժէքաւորուիք,
միայն
ուզելն
է
հարկաւոր:
Մեզի
համար
սակայն
այս
դրախտն
ալ
կրնայ
ունենալ
իր
բացասական
կողմերը,
անով,
որ
մեր
նախնիներուն
հայրենիքը
չէ՛
այս
երկիրը:
Թէպէտ
գրեթէ
անսահման
են
հոս՝
յաջողութեան
հնարաւորութիւնները,
սակայն
երկիր
մըն
ալ
է,
ուր
շատ
առինքնող
են
խայծերը,
ուր
դիւրութեամբ
կրնանք
կորսնցնել
մեր
ազգային
դիմագիծն
ու
արժէքները:
Թէպէտ
ամէն
օր
կը
կրկնէք
ձեր՝
միշտ
հայ
մնալու
երդումը,
ուխտը,
խոստումը,
սակայն
դուք
անձամբ
ալ
կրնաք
վկայել,
թէ
որքանո՛վ
հաւատարիմ
էք,
ձեր
արտասանած
այդ
խօսքերուն:
Մխիթարեան հայ վարժարան կու գաք մէ՛կ նպատակի համար միայն, որ հակառա՛կ բոլոր խոչնդոտներուն՝ հա՛յ մնաք, հոգիո՛վ, սրտով եւ լեզուով: Եկէ՛ք, բայց այս անգամ լրջօրէն, ամփոփուելով եւ համոզումով ԱՄԷ՛Ն ՕՐ կրկնեցէ՛ք.
Հա՛յ եմ ես:
Իմ հայրենիքս կը կոչուի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Ուր ապրեր ու մեռեր են իմ նախահայրերս:
Ամէն բանէ աւելի պիտի սիրեմ
ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՍ:
ՄԻ՛ՇՏ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻՄ ՀԱՅԵՐԷ՛Ն:
Սիրով պիտի կարդամ
Քաջ Նախահայրերուս պատմութիւնը,
Եւ հպա՛րտ պիտի զգամ ինքզինքս,
ՈՐ ՀԱ՛Յ ԵՄ: